Վերջին լուսանկարը («Սեմեր» վեպից)

Գրիգոր Պըլտեան Չեմ գիտեր ի՞նչ պատահեցաւ, տարիներ ետք, օր մը, բայց ե՞րբ էր իսկապէս, ելեր էի դուրս, լուսանկարները մնացեր էին բաց, լոյսին ու փոշիին, այդպես եղած էր միշտ, երբ միասին էինք, դրած էինք տան պատերուն, գնդասեղով մը ամրացուցեր էինք, դիտեր, մոռցեր էինք անոնց գոյութիւնը. ջերմութիւնը, քաղաքին խոնաւութիւնը, միջատներու կեղտն ու բիժերը, խախոտը, տնային բոլոր ապականութիւնները …